2013-01-24 12:28:44

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց քառասունհինգերորդ–Գլուխ Գ.­
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ (2)
Հարցում թիւ 158. Ի՞նչ է Երկինքը։
Երկինքը յաւիտենական վայրկեանն է սիրոյն։ Այլեւս ոչինչ կրնայ բաժնել Աստուծմէ այն հոգին որ զինք սիրեց եւ փնտռեց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Միացած բոլոր հրեշտակներուն եւ բոլոր սուրբերուն, հոգին կը հրճուի յաւիտենապէս գտնուելով Աստուծոյ մօտ եւ Աստուծոյ հետ։
Երիտասարդ զոյգ մը որ սիրահարուած` զիրար կը դիտեն…, կաթընկեր մանուկ մը, որ կաթ ծծելու ժամանակ` իր մօր նայուածքը կը փնտռէ, կարծէք թէ ուզենար յաւիտեանս տպաւորել անոր մէն մի ժպիտը իր մտքին մէջ… ահաւասիկ օրինակներ որոնք կրնան փոքր գաղափար մը տալ երկնքին. Կարենալ տեսնել զԱստուած դէմ դիմաց` կը նմանի միակ սիրոյ ակնթարթի մը, որ յաւիտեան կը տեւէ։
Հարցում թիւ 159. Ի՞նչ է Քաւարանը։
Քաւարանը որ յաճախ ներկայացուած է որպէս տեղ մը, իրականին մէջ` վիճակ մըն է։ Այն անձը որ կը մեռնի Աստուծոյ շնորհքին մէջ (այսինքն խաղաղութեան մէջ Աստուծոյ եւ մարդոց հետ), եւ սակայն տակաւին պէտք ունի քաւութեան, նախ քան Աստուծոյ հետ դէմ առ դէմ գտնուիլը, քաւարանի մէջ է։
Երբ Պետրոս առաքեալ ուրացաւ Յիսուսը, Տէրը դարձաւ եւ նայեցաւ իրեն. ՙԵւ Պետրոս դուրս ելաւ ու դառնապէս լացաւ՚ ­ այսպէսով ան յայտնեց զգացում մը որ կարելի է ունենալ քաւարանին մէջ։ Այսպիսի քաւարան մը հաւանաբար կը սպասէ մեզմէ շատերուն, մեր մահուան ժամուն. Տէրը կը նայի մեզի սիրալիր կերպով, եւ մենք կ՛ունենանք ծանր զգացում մը ամօթի եւ ցաւագին զղջումի, նկարտմամբ մեր գործած յանցանքներուն կամ այն գործերուն որոնց մէջ կը պակսէր միայն սէրը։ Միայն այս քաւիչ ցաւէն ետքն է որ կարող պիտի ըլլանք հանդիպելու Տիրոջ սիրոյ նայուածքին, յաւիտենական ուրախութեան մը մէջ զոր ոչ մէկ բան պիտի կարենայ այլեւս խանգարել։








All the contents on this site are copyrighted ©.